1 John 3
1 Տեսէք թէ ինչպիսի՜ սիրով Հայրը մեզ սիրեց, ուզելով որ Աստուծոյ որդիներ կոչուինք եւ արդարեւ Աստուծոյ որդիներն ենք։ Աշխարհը մեզ չի ճանչնար, որովհետեւ չճանչցաւ զայն։
2 Սիրելինե՛ր, այժմ Աստուծոյ որդիներ ենք։ Թէ ի՛նչպէս պիտի ըլլանք յետոյ՝ տակաւին չենք գիտեր։ Բայց գիտենք թէ՝ երբ Քրիստոս յայտնուի՝ իրեն նման պիտի ըլլանք, որովհետեւ զինք պիտի տեսնենք իր իսկութեան մէջ։
3 Ով որ այս յոյսը ունի՝ ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս ինք մաքուր է։
4 Ով որ կը մեղանչէ՝ Աստուծոյ Օրէնքը կը խախտէ, եւ մեղքը ինքնին Օրէնքին խախտումն է։
5 Գիտէք թէ Քրիստոս աշխարհ եկաւ՝ մեր մեղքերը ջնջելու համար, եւ թէ իր մէջ մեղք չկայ։
6 Ով որ Քրիստոսի միացած կը մնայ՝ չի մեղանչեր. իսկ ով որ կը մեղանչէ՝ զայն երբեք տեսած ու ճանչցած չէ։
7 Որդեակնե՛րս, թող ոեւէ մէկը ձեզ չխաբէ։ Ով որ արդարութիւն կը գործէ՝ արդար է, ինչպէս Քրիստոս ինք արդար է։
8 Իսկ ով որ մեղք կը գործէ՝ Սատանային հետեւող մըն է, որովհետեւ Սատանան սկիզբէն ի վեր մեղք կը գործէ։ Եւ Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ՝Սատանային գործունէութեան վերջ դնելու համար։
9 Ով որ Աստուծոյ զաւակ դարձած է՝ մեղք չի գործեր, որովհետեւ Աստուծոյ կեանքին հաղորդակից կը մնայ։ Այլեւս կը դադրի մեղանչելէ, քանի Աստուծոյ զաւակ կը դառնայ։
10 Ահա այսպէ՛ս կը զանազանուին Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները.– Ով որ արդարութիւն չի գործեր՝ Աստուծոյ որդի չէ. ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ նոյնպէս Աստուծոյ որդի չէ։
11 Պատուիրանը, որ սկիզբէն իսկ լսեցիք, սա է՝ որ սիրենք իրար։
12 Հետեւաբար չըլլա՛նք Կայէնին պէս, որ Չարին օրինակին հետեւելով՝ իր եղբայրը սպաննեց։ Եւ ինչո՞ւ սպաննեց. որովհետեւ իր գործերը չար էին, մինչ եղբօր գործերը՝ բարի։
13 Եղբայրնե՛ր, մի՛ զարմանաք երբ աշխարհը ձեզ ատէ։
14 Մենք գիտենք՝ թէ մահէն կեանքի անցած ենք. ապացոյց՝ որ մեր եղբայրները կը սիրենք։ Ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան ենթակայ կը մնայ։
15 Ով որ իր եղբայրը կ՚ատէ՝ մարդասպան մըն է. եւ գիտէք թէ ոեւէ մարդասպան յաւիտենական կեանքը չունի իր մէջ։
16 Մենք սէրը ճանչցանք անով՝ որ Քրիստոս իր կեանքը զոհեց մեզի համար։ Հետեւաբար մե՛նք եւս մեր կեանքը պէտք է զոհենք մեր եղբայրներուն համար։
17 Այն մարդը, որ նիւթական ամէն բարիք ունի, եւ տեսնելով հանդերձ թէ իր մէկ եղբայրը օգնութեան կարօտ է՝ իր գութը չի շարժիր, ի՞նչպէս կրնայ ըսել՝թէ Աստուծոյ սէրը ունի իր մէջ։
18 Որդեակնե՛ր, մեր սէրը միայն խօսքով ու լեզուով թող չըլլայ, այլ՝ գործով արտայայտուած ճշմարիտ սէր։
19 Ահա այսպէ՛ս կը գիտնանք՝ թէ ճշմարտութեան հետեւող կը մնանք։ Այսպէս նաեւ մեր սիրտերը վստահութիւն կ՚ունենան Աստուծոյ առջեւ կանգնելու։
20 Նոյնիսկ եթէ մեր խիղճը ոեւէ յանցանքով մեզ մեղադրէ, չմոռնանք՝ որ Աստուած մեր խիղճէն աւելի մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։
21 Իսկ եթէ մեր խիղճը մեզ չի մեղադրեր, սիրելինե՛ր, համարձակ կերպով կրնանք դիմել Աստուծոյ,
22 եւ ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ՝ կը ստանանք, որովհետեւ իր պատուիրանները կը գործադրենք եւ կը կատարենք ինչ որ հաճելի է իրեն։
23 Եւ իր պատուիրանը սա է, որ հաւատանք իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի, եւ սիրենք իրար, ինչպէս որ մեզի պատուիրեց։
24 Արդ, ով որ Աստուծոյ պատուիրանները կը գործադրէ՝ Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն։ Իսկ Աստուծոյ մեզի միացած մնալուն ապացոյցը՝ Սուրբ Հոգին է, որ Աստուած մեզի տուաւ։